Հռիփսիմէ (Սիմի) Թերզեան Նշանեան - Աթէնք

Հեղինակ՝ Անի Աբիկեան, 23/03/23 (վերջին փոփոխութիւն՝ 23/03/23)

Յիշողութեան այս նիւթերը հաւաքուեցան 1 եւ 2 Ապրիլ 2022-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Յուշամատեանի աշխատանոցին ընթացքին։

Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին եւ «Համազգային» միութեան Աթէնքի մասնաճիւղին։ Աշխատանոցին հովանաւորն էր գերմանական EVZ «Յիշողութիւն, պատասխանատւութիւն եւ ապագայ» հիմնարկութիւնը։

Հռիփսիմէ/Սիմի Նշանեանը (ծնեալ Թերզեան) ծնած է Քսանթի, հիւսիսային Յունաստանի Թրակիոյ շրջանին մէջ: Աթէնքի աշխատանոցին ընթացքին, Հռիփիմէն պատմեց իր ընտանիքին մօրենական կողմին պատմութիւնը, որ ծայր կ'առնէ Էտիրնէ/Ադրիանապոլիս քաղաքին մէջ:

Հռիփսիմէին մեծ մեծ մաման Մաննիկ Գալուստեանն է, իսկ իր մեծ մեծ հօր անունը անյայտ է: Միայն գիտենք որ ան դեղագործ էր։ Մաննիկ եւ ամուսինը ունեցած են երկու դուստր՝ Զարուհին (Հռիփսիմէին մեծ մայրը)  եւ Նուարդը: Զարուհին ծնած է 1900-ին, Էտիրնէ, եւ յաճախած է տեղւոյն Քոյրերու վարժարանը: Հետագային կ՚ամուսնանայ Կարապետ Եազճեանին հետ, Էտիրնէի մէջ: Կարապետ ջաղացպան էր եւ Քարաղաճի մէջ (Էտիրնէի արուարձանը) ջաղացք մը ունէր: Հռիփսիմէին անծանօթ է թէ ինչ եղած է ընտանիքին ճակատագիրը Ցեղասպանութեան տարիներուն։ Արդեօ՞ք ջաղացպան ըլլալու հանգամանքը պատճառ եղած է որ Կարապետն ու իր ընտանիքը չտարագրուին եւ շարունակեն մնալ Էտիրնէի մէջ։ Այս իմաստով գիտենք որ Ցեղասպանութեան տարիներուն ջաղացպանութիւնը էական արհեստ մը կը համարուէր օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ. հայ ջաղացպաններ կամ հացագործներ զերծ մնացած են բռնագաղթէն, որպէսզի շարունակեն գործել եւ էական սնունդը հայթայթեն տեղի բնակչութիւններուն։

Սակային գիտենք որ 1915-ին Կարապետին ծնողներն ու անոնց ընտանիքը Էտիրնէէն կը քշուին մինչեւ հեռաւոր Տէր Զօր։ Հոն կը սպաննուին Կարապետին հայրը՝ Ստեփանը եւ Կարապետին քոյրը՝ Եղիսաբէթը: Ընտանիքին վերապրողները կ՚ըլլան Կարապետին մայրը՝ Նուրիցան, Կարապետին քոյրը՝ Թագուհին, եւ եղբայր մը, որուն անունը անյայտ է:

Ցեղասպանութենէն վերապրողները կը վերադառնան Էտիրնէ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք քաղաքը գրաւուած էր յունական բանակներուն կողմէ։ 1921-էն սկսեալ յունական զօրքերը պարտութիւններ կը կրեն թրքական բանակէն եւ հետզհետէ կը սկսին նահանջել։ Նախքան Էտիրնէին կրկին թրքական տիրապետութեան տակ անցնիլը՝ Կարապետը, Զարուհին եւ իրենց բոլոր հարազատները կ՚որոշեն ձգել իրենց հայրենի քաղաքը։ Նախ կը հասնին Տէմօթիքա (ներկայիս Didymoteicho), որ Էտիրնէէն քանի մը տասնեակ քիլոմեթր հարաւ գտնուող  քաղաք մըն է, ներկայիս Թուրքիոյ հետ սահմանագիծին շատ մօտիկ։ Հոս կ՚ապրէր Մաննիկ Գալուստեանին եղբայրը՝ Խաչիկը, որ զիրենք կը հիւրընկալէ։ Միայն Մաննիկը կը շարունակէ  մնալ Էտիրնէ։ Միայն տարիներ ետք ան կու գայ Տէմոթիքա եւ կը միանայ իր ընտանիքին։  Հետագային  Զարուհին եւ Կարապետը կը հաստատուին Հիւսիսային Յունաստանի Քսանթի (Xanthi) քաղաքը: Կարապետ հոս կը բանայ ալիւրի վաճառատուն մը:  Զարուհիին քոյրը՝ Նուարդը, կը տեղափոխուի Քսանթիի մօտակայ Քոմոթինի քաղաքը, ուր կ'ամուսնանայ Կարապետ Չեչեանի հետ: Կարապետին քոյրը՝ Թագուհին, կը գաղթէ Ֆրանսա եւ կը հաստատուի Փարիզի մէջ։

1927-ին Զարուհին եւ Կարապետը կ'ունենան իրենց առաջին եւ միակ զաւակը՝ Էլիզապէթը: Ան կը յաճախէ Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքին Քոյրերու ֆրանսական գիշերօթիկ վարժարանը: Սակայն կարճ ժամանակ ետք կը վերադառնայ Քսանթի, ուր կը յաճախէ տեղական յունական վարժարան մը:

1950-ին, Էլիզապէթ կ'ամուսնանայ Մաքս Թերզեանին հետ, որ ոսկերիչ էր Քսանթիի մէջ: Մաքսին ծնողներն էին Սեպուհը եւ Հռիփսիմէն։ Ունէր եղբայր մը՝  Վռամշապուհը (Վռամ):

1941-ին՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, երբ պուլկարական զօրքերը Արեւելեան Մակեդոնիան եւ Թրակիան կը գրաւեն, Քսանթիի տարածքն ալ կ՚անցնի պուլկարական տիրապետութեան տակ: Մաքսը եւ Վռամը կը պարտադրուին իրենց աշխատանքները լքել եւ դժուար պայմաններու մէջ նոր գործի սկսիլ։ Անոնք ստիպուած էին ամէն օր պուլկարական քաղաքներ երթալ-գալ, աշխատիլ եւ նոյն օրը վերադառնալ:

Ասեղ դնելու մետաղեայ հաւկթաձեւ տուփ։ Պատկանած է Գալուստեան ընտանիքին, Էտիրնէ։
Ասեղ դնելու մետաղեայ հաւկթաձեւ տուփ։ Պատկանած է Գալուստեան ընտանիքին, Էտիրնէ։
Կնոջական զարդեղէն դնելու տփիկ։
Կնոջական զարդեղէն դնելու տփիկ։
Ձեռքի մետաղեայ պայուսակ։ Պատկանած է Գալուստեան ընտանիքին, Էտիրնէ։
Ձեռքի մետաղեայ պայուսակ։ Պատկանած է Գալուստեան ընտանիքին, Էտիրնէ։
Վարդարան/համրիչ, խաչէ կախազարդով։ Պատկանած է Գալուստեան ընտանիքին, Էտիրնէ։
Օսմանեան մետաղադրամներով պատրաստուած ապարանջան մը։ Պատկանած է Գալուստեան ընտանիքին, Էտիրնէ։
Ինքնահոս գրիչ։ Պատկանած է Գալուստեան ընտանիքին, Էտիրնէ։
Հայերէն աղօթագիրք։ Լոյս տեսած է Պոլիս, 1924-ին։

Էլիզապէթը եւ Մաքսը երկու զաւակ կ'ունենան՝ Կարօն եւ Հռիփսիմէն (Սիմի):

Հռիփսիմէն Քսանթիի մէջ յունական վարժարան կը յաճախէ: Այդ ժամանակաշրջանին Քսանթիի մէջ մօտաւորապէս 150 հայ կար: 1927-էն սկսեալ այս քաղաքին մէջ կը կառուցուի Ս. Աստուածածին հայկական եղեղեցին:

Աւելի ուշ՝ 1968-ին, Հռիփսիմէն (Սիմի) Քսանթին կը ձգէ եւ Աթէնք կը հաստատուի:

Էտիրնէ։ Կարապետ Եազճեան եւ Զարուհի Գալուստեան. նշանտուքի պատկեր։
Քսանթի, Թերզեան ընտանիքը: Ձախէն աջ՝ Մաքս, Հռիփսիմէ (Հռիփսիմէ Թերզեան-Նշանեանին մեծ մայրը), Սեպուհ (Հռիփսիմէ Թերզեան-Նշանեանին մեծ հայրը) եւ Վռամ:
Կարապետն Եազճեան։
Քսանթի։ Վռամ Թերզեան (ձախին) եւ Մաքս Թերզեան (աջին)։
Էտիրնէ։ Զարուհի Գալուստեանի եւ Կարապետ Եազճեանի ամուսնութեան պատկերը։